2013-02-11 10:44:22

Կրօնական Զբօսաշրջութեան Եւ Ուխտի Աճման Միութեան Ժողով` Զմմառու Վանքի Մշակութային Կեդրոնին Մէջ


Ուրբաթ, 8 փետրուար 2013-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Զմմառու վանքին Մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Կրօնական զբօսաշրջութեան եւ ուխտի աճման միութեան ժողովը` նախագահութեամբ միութեան տնօրէն հայր Խալիլ Ալուանի եւ մասնակցութեամբ Լիբանանի 21 սրբավայրերու ներկայացուցիչ կրօնաւոր-կրօնաւորուհիներու: Սոյն միութիւնը հաստատուած է Լիբանանի պատրիարքներու խորհուրդին կողմէ 7 տարի առաջ եւ տարեկան երեք անգամ կը գումարէ իր ժողովները Լիբանանի տարբեր սրբավայրերու մէջ:
Միութիւնը ցարդ երկու համագումար կազմակերպած է` գործակցաբար զբօսաշրջութեան նախարարութեան հետ: Պատրիարքներու խորհուրդի սիւնհոդոսը եւս այս միութեան կը յանձնէ կրօններու միջեւ երկխօսութեան ձեռնարկները:
«Լիբանանի սրբավայրերը` Ճամբադ դէպի Քրիստոս» արաբերէնով առաջին գիրքը պտուղն է այս միութեան աշխատանքներուն: Անիկա նկարազարդ եւ գունաւոր 245 էջնոց հատոր մըն է, որ լոյս տեսաւ անցեալ տարի 10.500 տպաքանակով: Անիկա կ՛ընդգրկէ Լիբանանի 21 սրբավայրերու մասին օգտակար տեղեկութիւններ: Նշելի է, որ Զմմառու վանքը այս 21 սրբավայրերուն 4-րդ տեղը կը գրաւէ` իր հնութեան կարեւորութեամբ:








All the contents on this site are copyrighted ©.